Անկելա Մերքէլ. Թուրքիան ԵՄ լիիրաւ անդամ դառնալու որեւէ հեռանկար չունի

2021-07-23
Image

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը յայտարարած է,որ Թուրքիան ԵՄ լիիրաւ անդամ դառնալու որեւէ հեռանկար չունի՝ մեկնաբանելով Կիպրոսի մէջ Թուրքիոյ վերջին սադրանքները, գրած է Greel City Times-ը:

«Ես մինչ օրս չեմ տեսած ԵՄ-ին Թուրքիոյ անդամակացութեան հնարավորութիւն»,-ըսած է Մերքէլը՝ նշելով, որ ջանքեր կը գործադրէ Անգարայի հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու համար: