Էրտողան մասնակցած է բռնագրաւուած Վարանդայի մէջ օդակայանի բացման

2021-10-26
Image

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահին հրաւէրով մեկնած է Ատրպէյճան։

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Էրտողան Ատրպէյճան կատարելիք այցի ժամանակ մասնակցած է Ֆիզուլիի մէջ 8 ամսուան ընթացքին կառուցուած օդակայանի բացման արարողութեան։

Երկու պետութիւններու ղեկավարներուն յանձնուած են խորհրդանշական բանալիները։

Օդակայանի հիմքը դրուած էր 14 Յունուարին, առաջին փորձնական թռիչքը կայացած է 5 Սեպտեմբերին։