Թուրքիոյ մէջ չեն բացառեր 5-6 ամիսէն ՆԱԹՕ-էն դուրս գալը

2023-01-26
Image

Թուրքիան կրնայ հինգ-վեց ամիսէն դուրս գալ ՆԱԹՕ-էն՝ Անգարայի դէմ սադրիչ գործողութիւններու պատճառով։ Նման կարծիք յայտնած է թրքական «Հայրենիք» կուսակցութեան փոխնախագահ Էթհեմ Սանճաքը, գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։

«Իրադարձութիւնները մեզ կը ստիպեն նման գործողութիւններու երթալ, ՆԱԹՕ-ն իր սադրանքներով կը փորձէ մեզ հակադրել մեր հարեւան Յունաստանին։ Թուրքիան հինգ-վեց ամիսէն դուրս պիտի գայ ՆԱԹՕ-էն: Անոնք կը փորձեն Թուրքիան ներքաշել Մերձաւոր Արեւելքի յորձանուտը։ Եւ վերջապէս, դուք տեսաք Ղուրանի դէմ գործողութիւնները Շուէտի եւ Հոլանտայի մէջ (նկատի ունի Ղուրանի հրապարակաւ այրման դէպքերը այդ երկիրներուն մէջ)»,- անոր խօսքերը մէջբերած է Aydinlik թերթը։

Մինչդեռ 19 յունուարին թրքական «Հայրենիք» կուսակցութիւնը յայտարարած էր «Լքենք ՆԱԹՕ-ն» համազգային քարոզարշաւի մեկնարկը՝ երկրի իշխանութիւններուն կոչ ընելով դուրս գալու Հիւսիսաթլանթեան դաշինքէն։ Կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչէքը ըսած է, որ «զօրաւոր ՆԱԹՕ կը նշանակէ՝ զօրաւոր սպառնալիք Թուրքիոյ համար»։