Իսրայէլեան ուժերու թափանցումը դէպի «Ժընին». Մարտեր, զոհեր եւ բախումներ

2023-01-26
Image

Երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլեան ուժեր մեծ ներթափանցում մը կատարած են Արեւմտեան Ափի «Ժընին» գաղթակայանին մէջ։

Այս մասին, ինչպէս գրած է «Արեւելք»ը, տեղեկութիւնը հաղորդած է«Ալ Մայատին» կայանը, յղում տալով պաղեստինեան աղբիւրներու:

Ըստ աղբիւրին, իսրայէլեան ուժեր, որ նպատակ ունեցած են «Ժընին» մուտք գործել ձերբակալումներ կատարելու նապատակով բախումի բռնուած են։

Պաղեստինցի զինեալներ կրակը փոխադարձած են եւ իրավիճակը համարուած է պատերազմական։ 

Մինչեւ այս պահը զոհերուն թիւը կը գնահատուի 10-ով եւ սպաննուածներուն մէջ կայ տարիքոտ կին մը։

Զոհուածները բոլորն ալ պաղեստինցիներ են եւ ըստ նախնական տուեալներու լարուած իրավիճակ կը տիրէ նաեւ Կազայի սահմանին։

Պաղեստինցի լրագրողներ, որ «Ալ Մայատին»ին խօսեցան նաեւ յայտնեցին, որ եղածը ջարդ մըն է ուղղուած պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ։

Իրավիճակը կրնայ աւելիով սրիլ եւ յանգեցնել նոր արիւնահոսութիւններու։