Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մէջ անտառային հրդեհներ կը մոլեգնին

2021-07-26
Image

Ֆրանսայի հարաւը, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ Սարտինիա կղզիին մէջ անտառային հրդեհներ կը մոլեգնին։ Տեղի բնակիչներու մէկ մասը տարհանուած է։ Այս մասին կը յայտնէ DW-ն։

Սարտինիա կղզիի արեւմուտքին մէջ կրակը տարածուած է քանի մը հազար հեքթար տարածքով, վնասուած են որոշ տուներ։

Իտալիոյ մէջ հրդեհներու մարման ներգրաւուած են օդանաւերը։ Իտալիոյ իշխանութիւնները նաեւ դիմած են ԵՄ միւս երկիրներուն՝ խնդրելով հրդեհներու մարման հարցով  օգնութիւն ցուցաբերել։

Ֆրանսայի հարաւին մէջ նոյնպէս հազարաւոր հրշէջ ջոկատներ ներգրաւուած են անտառային հրդեհներու մարման գործին մէջ: Հրդեհները մարելու համար կ'օգտագործուին նաեւ օդանաւեր։

Սպանիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ կրակը վնասած է 1 100 հեքթար անտառ եւ գիւղատնտեսական հողեր։ Հրդեհի մարման աշխատանքներուն կը մասնակցի աւելի քան հազար հրշէջ: Տասնեակ մարդիկ տարհանուած են վտանգաւոր շրջաններէ։