Լաւրով իրական անուանած է միջուկային պատերազմի սպառնալիքը. Փենթակոն հակադարձած է

2022-04-26
Image

Միջուկային պատերազմի վտանգներն այժմ շատ իրական են, այդ վտանգը կարելի չէ թերագնահատել, կան շատերը, որոնք պատրաստ են արհեստականօրէն ուռճացնելու այդ սպառնալիքը: Այս մասին ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Ան յիշեցուցած է, որ Յունուարին «միջուկային հնգեակ»ի երկրները վերահաստատած են այդ զէնքերու կիրառման անթոյլատրելիութեան մասին թեզը:

«Սա մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է, մենք կը մեկնինք անկէ, եւ հիմա  չէի փափաքիր, որ երբ... վտանգներն իսկապէս շատ են ու էական, արհեստականօրէն ուռճացուէին այս վտանգները: Վտանգը լուրջ է, իրական է, այն կարելի չէ թերագնահատել», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը:

Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ արեւմտեան երկիրները իրենց զօրքերը չեն ուղարկեր Ուքրանիա:

«Որեւէ պարագայի պէտք չէ թոյլ տանք Երրորդ Համաշխարհային պատերազմ, այս ծիրին մէջ կը դիտարկուին Զելենսքիի եւ անոր խումբի մշտական սադրանքները, որոնք կը պահանջեն ՆԱԹՕ-ի զօրքեր մտցնել Ուքրանիոյ կառավարութիւնը պաշտպանելու համար: Եւ բոլորը միշտ կ'ըսեն, որ զէնք պիտի տան, ինչ որ, ի հարկէ, նաեւ կրակի վրայ իւղ կը լեցնէ: Անոնք  այս զէնքի մատակարարումներով կ'ուզեն ստիպել ուքրանացիներուն կռուիլ Ռուսաստանի հետ մինչեւ վերջին զինուորը, միայն թէ այս հակամարտութիւնը երկարի, միայն թէ Ռուսաստանը անկէ աւելի ու աւելի տուժէ, որու յոյսով են իրենք», ըսած է Լաւրով:

Միաժամանակ ան նշած է, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու բոլոր առաջնորդները կը բացառեն դաշինքին ներգրաւումը Ռուսաստանի հետ ուղիղ բախման մէջ, բացառութեամբ Լեհաստանի ղեկավարութեան:

Լաւրովի յայտարարութիւներուն վերաբերեալ, Փենթակոնի խօսնակ Ճոն Քիրպին, իր հերթին, CNN-ի եթերին յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ն պատճառ չի տեսներ, որ ուքրանական հակամարտութիւնը վերածուի միջուկայինի եւ չի փոխեր իր զսպող ուժերու պատրաստութեան աստիճանը։

«Ես համաձայն եմ պարոն Լաւրովի հետ, որ միջուկային պատերազմին մէ' յաղթողներ չեն կրնար ըլլալ, եւ այն պէտք չէ սկսիլ։ Ուքրանիոյ մէջ ներկայիս հակամարտութիւնն այդ (միջուկային) մակարդակին հասցնելու պատճառ չկայ։ Ինչպէս աւելի վաղ ըսի, մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք իրավիճակին։ Մենք չենք տեսներ որեւէ բան, որ կը ստիպէ մեզի փոխել մեր ռազմավարական միջուկային զսպման ուժերու պատրաստութեան աստիճանը, մեր երկիրը եւ մեր դաշնակիցները պաշտպանելու մեր պատրաստակամութիւնը»,- ըսած է ան։