Լիբանանի խորհրդարանը չկարողացաւ ընտրել երկրի նոր նախագահ

2022-09-29
Image

Լիբանանի խորհրդարանը իր այսօրուայ անդրանիկ նիստով չկարողացաւ ընտրել երկրի նոր նախագահ։

Ուշագրաւ էր այն, որ ընդդիմադիր շրջանակներ առաջարկեցին երեսփոխան Միշէլ Մուաուատին անունը, որ ստացաւ 36 քուէ (Լիբանանի խորհրդարանի անդամներու թիւը 128-ն է), իսկ իշխանական շրջանակներ 63 սպիտակ քուէ նետելով կերպով մը տապալման տարին ընտրական նիստը։ 

Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի իր կարգին նիստի աւարտին յայտարարեց, որ նոր նախագահի ընտրութիւնը կարելի կ՚ըլլայ բացառապէս համաձայնական մթնոլորտի մը մէջ։ Ան նաեւ չպատասխանեց այն հարցումներուն, թէ երբ պիտի կայացուի ընտրական յաջորդ նիստը։