Կը կարծեմ, պէտք է վանել «միջանցք» արտայայտութիւնը. Ֆրանսայի դեսպան

2021-07-23
Image

Կը կարծեմ, պէտք է վանել «միջանցք» արտայայտութիւնը։ «Միջանցքները» շատ վատ յիշողութիւն ձգած են դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ, ինչպէս, օրինակ, Տանցիկի միջանցքը։ Այս մասին Ազատութիւն ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը՝ պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ պարբերաբար հնչեցուող Զանգեզուրի միջանցք արտայայտութեան մասին հարցին։

«Մենք կը կարծենք, որ պէտք է աշխատիլ Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ, որ ստորագրուած է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ որ կը նախատեսէ տարածաշրջանի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններու միջեւ հաղորդակցութեան տարածաշրջանային ուղիներու վերականգնում։ Ֆրանսան լիովին պատրաստ է աշխատիլ տարածաշրջանի երկիրներու հետ՝ տարածաշրջանի փոխադրային ենթակառուցուածքներու գործարկման ուղղութեամբ», – ըսած է դեսպանը: