Հայոց ցեղասպանութեան մասին Պայտընի խօսքերը պիտի բարդացնեն յարաբերութիւնները ՆԱԹՕ-ի մէջ. լաթվացի նախարար

2021-04-26
Image

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը, ուր ան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած սպանդը կ'որակէ որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն, պիտի բարդացնէ յարաբերութիւնները ՆԱԹՕ-ի մէջ:

ԹԱՍՍ գործակալութեան փոխանցմամբ՝ նման կարծիք յայտնած է Լաթվայի պաշտպանութեան նախարար Արթիս Փապրիքսը:

«ԱՄՆ նախագահի դիրքորոշումը հայերու ցեղասպանութեան վաղեմի հարցի շուրջ միայն պիտի բարդացնէ համագործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի երկու երկիրներու միջեւ այն ժամանակ, երբ այն առաւել անհրաժեշտ է: Կրնամ նոյն խորհուրդը տալ լաթվացի այն խորհրդարանականներուն, որոնք կ'ուզեն թողութիւն գնել իրենց համար՝ զոհելով ազգային շահերը»,- թուիթըրեան իր էջին գրած է նախարարը:

Սէյմի (Լաթվայի խորհրդարանը) պատգամաւոր Եուրիս Եուրաշսը 23 ապրիլին յայտարարած էր, որ յաջորդ շաբաթ օրէնսդիր մարմինը պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման հռչակագիրը: Փաստաթուղթի նախագիծը Սէյմ ներկայացուցած են աւելի քան 40 պատգամաւոր:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ 46-րդ նախագահ Ճօ Պայտընն իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ օգտագործած է «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը՝ նշելով, որ հայերու համակարգային բնաջնջումը կազմակերպած են օսմանեան իշխանութիւնները: