Ճօ Պայտըն չէ պատասխանած հեռախօսազրոյց ունենալու Էրտողանի խնդրանքին

2021-01-15
Image

ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընը մինչ այժմ չէ պատասխանած իր թուրք գործընկեր Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հեռախօսազրոյցի խնդրանքին: Երեք աղբիւրներ Middle East Eye-ին յայտնած են, որ Էրտողանի վարչակազմը դեկտեմբերին հեռախօսազրոյց խնդրած է Պայտընի հետ, բայց քանի մը շաբաթ ետք այն դեռ չէ կայացած:

Լսափողը չվերցնելու Պայտընի որոշումը զարմանալի չէ, հաշուի առնելով անցեալ տարի New York Times-ի մէջ անոր մեկնաբանութիւնը, որուն մէջ ըսած էր, թէ Ուաշինկթընը պէտք է այլ կերպ մօտենայ Էրտողանին եւ սատարէ թրքական ընդդիմութեան: Էրտողանը նոյնպէս չէր շտապեր շնորհաւորել Պայտընը 3 նոյեմբերին կայացած ընտրութիւններուն յաղթելու կապակցութեամբ, քանի որ Անգարան կը յիշէր Թրամբի վարչակազմի հետ իր ջերմ յարաբերութիւնները:

Թուրքիոյ նախագահը համաշխարհային վերջին առաջնորդներէն էր, որ շնորհաւորեց նոյեմբերին ուղարկուած հաղորդագրութեան մէջ:

Երկու նախագահներու վարչակազմերու ներկայացուցիչներն ալ չեն մեկնաբանած այս հարցը:

Թուրք պաշտօնեաները հրապարակաւ յայտարարած են, որ պատրաստ են կառուցողական յարաբերութիւններ հաստատել ԱՄՆ նոր վարչակազմի հետ: Էրտողանի գլխաւոր խորհրդականն ու մամուլի քարտուղարը կիրակի օր թրքական հեռուստատեսութեամբ յայտարարած է, որ Պայտընի անցումային խումբի հետ Անգարայի շփումները մինչ այժմ «շատ դրական» եղած են: «Անոնք կ'ըսեն, որ կ'ուզեն լաւ յարաբերութիւններ զարգացնել Թուրքիոյ հետ եւ նոր էջ բանալ»,- աւելցուցած է Քալընը:

Սակայն Էրտողանի հետ խօսիլ չուզելը կը յուշէ, որ Պայտընը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ նոր էջը շուտ չի բանար: