Մօտ ապագային հաւանական է անձնագիրներով հնարաւոր ըլլայ հատել հայ-թրքական սահմանը. Քալըն

2022-12-02
Image

Մօտ ապագային հաւանական է, որ անձնագիրներու միջոցով հնարաւոր ըլլայ հատել հայ-թրքական սահմանը։ Նման յայտարարութիւն ըրած է Թուրքիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Իպրահիմ Քալընը` տեղի հեռուստաալիքներէն մէկուն տուած հարցազրոյցին։

Ան կարեւորած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Փրակի մէջ կայացած հանդիպումը։

«Մենք կը ցանկանք, որ ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար հիմք ստեղծուի։ Ղարաբաղեան հարցը լուծուած է, եւ կապեր կը հաստատուին, որոնք չէին կրնար հաստատուիլ 30 տարուայ ընթացքին։ Այժմ տեղի կ'ունենան ուղիղ շփումներ, այլ ոչ թէ երրորդ կողմերու միջոցով: Այդ շատ կարեւոր է»,–ըսած է Քալընը։

Անոր խօսքով` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի դրական հունով։

Յիշեցնենք, որ 6 հոկտեմբերին Փրակի մէջ հանդիպած էին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։ ՀՀ կառավարութիւնը յայտնած էր, որ հանդիպման ժամանակ շեշտուած է երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու քննարկումներով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շուտափոյթ իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Մասնաւորապէս` խօսքը կը վերաբերի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի բացման, Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու իրականացման։