Պատրաստ ենք նոր պատասխան միջոցներ ձեռնարկելու ԱՄՆ-ի դէմ, եթէ թէժացումը շարունակուի. Լաւրով

2021-04-26
Image

Ռուսաստանը պատրաստ է նոր պատասխան միջոցներ ձեռնարկելու ԱՄՆ-ի դէմ, եթէ վերջինս շարունակէ ընթանալ թէժացման ուղով: ԹԱՍՍ գործակալութեան փոխանցմամբ՝ այս մասին «Մոսկուա. Քրեմլ. Փութին» հաղորդման ժամանակ յայտարարած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Ամէն ինչ ըսուած է ամերիկացիներու վերջին ոչ բարեկամական քայլերուն մեր արձագանգին մէջ: Մենք յայտարարած ենք բոլոր միջոցառումներու մասին, որոնք ընդունած ենք եւ դեռ պատրաստ ենք ընդունելու, եթէ թէժացումը շարունակուի»,- ըսած է նախարարը:

Լաւրովը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Մոսկուան դրական արձագանգած է Ուաշինկթընի առաջարկին Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահներու հանդիպման վերաբերեալ եւ այժմ կ'ուսումնասիրէ այդ հաւանականութիւնը:

Փութինի հետ հանդիպում կայացնելու ցանկութիւն ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը յայտնած էր 15 ապրիլին, վերջինիս հետ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ժամանակ: Պայտընն առաջարկած էր գագաթնաժողով կայացնել Եւրոպայի մէջ, ամարը:

Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները սրուած են ԱՄՆ նախագահի հարցազրոյցէն ետք, որու ժամանակ վերջինս իր ռուս պաշտօնակիցին «մարդասպան» անուանած էր՝ նշելով, որ «պատասխան պիտի տայ» ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն միջամտելու համար: Այնուհետեւ Փութինի հետ հանդիպելու ցանկութիւն յայտնելէ ժամեր անց Պայտընը հրամանագիր ստորագրած է Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին: