Սուրիան Թուրքիայէն պահանջած է անյապաղ դուրս բերել զօրքերը երկրի հիւսիսէն

2021-09-23
Image

Դամասկոս կը պահանջէ, որ Թուրքիան անմիջապէս դուրս բերէ իր զօրքերը Սուրիոյ հիւսիսային նահանգներէն։ Այս մասին յայտնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատը։

Նախարարը նաեւ նշած է, որ միջազգային հանրութիւնը իր հերթին պէտք է աջակցի Սուրիոյ ջանքերուն՝ երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ բռնազաւթուած տարածքներու ազատագրման հարցով։

Ըստ Սուրիոյ արտաքին գերատեսչութեան՝ Իտլիպի մէջ ստեղծուած լարուածութեան գլխաւոր պատճառը թրքական բռնազաւթումն է եւ այն աջակցութիւնը, որ Անգարան կը ցուցաբերէ տեղի ահաբեկչական խմբաւորումներուն։

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ցանկութիւն յայտնած է Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէայի շրջածիրէն ներս հանդիպիլ իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ քննարկելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։