Քիմ Քարտաշեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ճօ Պայտընին ճշմարտութիւնն ըսելու խիզախութեան համար

2021-04-25
Image

Հայազգի յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը դիմատետրի  իր էջին շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին «ցեղասպանութիւն» եզրոյթն օգտագործելու համար:

Քարտաշեանը, մասնաւորապէս, նշած է, որ ճշմարտութեան եւ ճանաչման աւելի քան 100-ամեայ պայքարէ ետք, հայ ժողովուրդը ստացաւ ճանաչումը, երբ նախագահ Պայտընն իր ելոյթին մէջ ցեղասպանութիւն անուանեց 1915 թուականին 1,5 միլիոն հայերու կոտորածը։

«Ես հպարտ եմ իմ ժառանգութեամբ, հայ համայնքով: Շնորհակալ եմ նախագահ Պայտընին՝ այդ օրը իւրաքանչիւր հայու շնորհելու համար, շնորհակալ եմ ճշմարտութեան համար: Չնայած՝ սպանուած հայերը ոչինչ այլեւս կը վերադարձնէ, բայց ես յոյս ունիմ, որ այժմ անոնց հարազատները հանգստութիւն կը զգան։ Իւրաքանչիւր տարի ես պիտի շարունակեմ այդ օրը յարգել եւ յիշել անոնց, որոնց մենք կորսնցուցեր ենք, բայց այսուհետ այն յոյսով, որ ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք այլեւս երբեք թոյլ պիտի չտանք, որ կրկնուին անցեալի ոճրագործութիւնները։ Շնորհակալութիւն, նախագահ Պայտըն, ճշմարտութիւնն ըսելու Ձեր խիզախութեան համար, որ միւսները նախընտրեցին թաքցնել»,- գրառման մէջ ընդգծած է Քարտաշեանը: