Պատմութեան համար. 135-ամեակ Արմենական Կուսակցութեան

2020-01-22
Image

Վերջերս յաճախակիօրէն կը հանդիպինք տարակարծիք անհատներու, որոնց ունեցած պաշարը երբեմն ալ պատմական անհիմն հարցադրումներու դուռ կը բանայ՝ հայ ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութեան ժողովրդական սկզբունքներու ջատագով՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմքերուն, երբեմն ալ այդ կուսակցութեան կազմաւորման արմատներուն կարեւորագոյնին՝ Արմենական Կուսակցութեան շուրջ, որ ծնունդ առաւ 1885-ի Օգոստոսին, Վասպուրականի սրտին՝ Վանի մէջ ու գործեց զանազան շրջանակներէ ներս, կեդրոն ունենալով Վան քաղաքը։ Կուսակցութեան կանոնագրութեան համաձայն Վանը կը կոչուէր Ա. Շրջանակ։ Որպէս իրողութիւն անգամ մը եւս կ՚ուզենք հաստատել որ Արմենական Կուսակցութիւնը եղաւ ու գործեց որպէս հայ իրականութեան մէջ անդրանիկը քաղաքական հոսանքներուն ու միակը, որ ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի պատմական հողին՝ Արեւմտահայաստանի սրտին մէջ, Օսմանեան կայսրութեան դժուար օրերուն, պատրաստելու համար արեւմտահայութիւնը իր պապենական հողի պահանջատիրութեան։

Թերեւս կարճ տեւեց արմենականներու կազմակերպչական կեանքը, բայց որպէս հաստատում պէտք է ըսել, որ Արմենական Կուսակցութեան խորհրդանիշը մնաց «Ազատութիւն կամ մահ» լոզունգը։

Դժբախտաբար հատուածական վարկի ու շահախնդրութեան մունետիկները ջանացին ստորագնահատել ու յաճախ արհամարհել արմենականներու ոյժն ու դերը, զայն անծրագիր միութեան մը մակարդակին իջեցնել փորձելով։ Պատմական ճշմարտութիւնը կը յուշէ մեզի, թէ հայ ազգային վերազարթնումի այդ դաժան շրջանին, Արմենական ծրագիրը կը յայտարարէր կուսակցութեան նպատակը՝ բացայայտ ու յստակ զօրութեամբ.

«Արմենական կազմակերպութեանս նպատակն է յեղափոխութեամբ հայ ժողովուրդին համար իրաւունք ձեռք բերել ինքզինք ազատօրէն կառավարելու, որով միայն կարող կը լինի իբրեւ մարդ ապրելու միջոցներ գտնալ եւ զանոնք գործադրել ժամանակի պահանջնջաց համեմատ»։

Նոյնքան ազատական եւ յանդուգն էին նաեւ արմենականներու քաղաքական- ընկերային ըմբռնումները։ Անոնք գաւառային յետամնաց, պահպանողական ու նախապաշարումներէ կաշկանդուած մտքերով մարդիկ չէին, ինչպէս կը փորձեն զանոնք պատկերացնել պատմութեան խեղաթիւրողները։ Աւելի քան 115 տարիներ առաջ, Ռուս Սոցիալ-Դեմոկրատներու 1905-ի յեղափոխութեան վաղորդայնին, Արմենական շրջաբերական մը կը պարզաբանէր կուսակցութեան տեսակէտը այդ մասին.

«Ընկերային, սոցիալիստական յեղափոխութիւնը մեր իրականութեան հետ կապ ունեցող հեռաւոր գաղափարն է, որուն պէտք է ձգտինք ապագային, երբ որ քաղաքական կարգերու ու տնտեսական պայմաններու շնորհիւ առաջ կու գայ մեր մէջ նոր հասարակութիւն՝ նման եւրոպական հասարակութեան, այսինքն երբ սկսի աշխատանքի ու կապիտալի պայքարը մեր մէջ»։

Արմենականներու 1885-ի հիմնադիր կազմի անդամ Գրիգոր Աճեմեան (հայրը ականաւոր վիպասան Գուրգէն Մահարիի) 1907-ի Ընդհանուր Ժողովին դարձաւ Ա. Շրջանակի գործադիր վարչութեան վերջին ատենապետը։

Կուսակցութեան գործունէութիւնը ծաւալած էր զանազան շրջանակներէ ներս՝ Սալմաստ, Ուրմիա, Բաղէշ, Թիֆլիս եւ Փլովտիւ (Պուլկարիա)։ 1908-ին Արմենական ականաւոր գործիչ Սեպուհի սպանութենէն ետք է որ կուսակցութիւնը աւելի եւս սկսած էր հետապնդումի առարկայ դառնալ ու տկարանալ Վանի մէջ։

Նոյն տարուայ 1908-ի Հոկտեմբեր 31-ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ ծնունդ կ՚առնէր Հայ Սահմանադրական Կուսակցութիւնը, որ ապագային պիտի միաձուլէր Արմենական Կուսակցութիւնն ու Լոնտոնի մէջ 1898-ին ծնունդ առած Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը մէկ անուան տակ։ Վերակազմեալները, գլխաւորութեամբ Միհրան Տամատեանին, Արփիար Արփիարեանին, Միհրան Սվազլեանին ու Վահան Թէքէեանին, կը գործէին որպէս շրջանակ ունենալով Եգիպտոսը, Յունաստանը, Ֆրանսան, Անգլիան եւ Միացեալ Նահանգները։ Որոշ շրջանակներէ ներս վերակազմեալները սկիզբը մաս չկազմեցին Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան, անոնք գործեցին որպէս Ազգային Ազատական Կուսակցութիւն մինչեւ 1921 Հոկտեմբեր 1, ու անոնց միացումով գոյութիւն առաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը Պոլսոյ Գնալը կղզիին վրայ։ Հոս կ՚արժէ աւելցնել որ Ազգային Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարներն էին Արշակ Չոպանեանն ու Հրաչ Երուանդը։

Վերեւը նշուած պատմական իրողութեանց դժբախտաբար յաջորդեց մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ վտանգաւոր պէտք է նկատել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան որդեգրած առաքելութեան ու անոր հանգրուանային յաջողութեանց, որոնք միայն նպատակ ունեցան ծառայելու հայ ժողովուրդին ու անոր յաւերժական Մեծ Երազի Ճամբու վրայ մարտնչող հայրենասիրութեան։

Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան հռչակումէն ետք՝ 1991-ին, նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան շրջանին, երբ Կտրիճ Սարդարեանի կողմէ պատրաստուած «Կուսակցութիւններու համար» օրէնքը որդեգրուեցաւ, յաճախ լսեցինք ու կրկնուեցաւ հայ աւանդական կուսակցութիւններու վերադարձը Մայր հայրենիք լարուած ձայնապնակը։

 

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք հիմնուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը 70 տարի գործեց Սփիւռքի մէջ որպէս սփիւռքածին իրողութիւն, բայց պէտք չէ մոռնալ որ սահմանադրականները Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանին գործեցին որպէս Հայաստանի Ռամկավար Կուսակցութիւն (ՀՌԿ)։ Այս կուսակցութեան շարքերու մէջ էին բազմահազար վանեցիներ, որոնք Արմենական իրենց շառաւիղով դարձեր էին այլեւս «ռամկավարներ»։ Հայաստանի Ռամկավար Կուսակցութիւնը Հանրապետութեան խորհրդարանէն ներս գործող 80 երեսփոխաններու շարքին ունէր 11 աթոռ։ Իսկ Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետն էր վանեցի երախտաւոր ու Վանի նախկին քաղաքապետ Արտակ Դարբինեանը, որ ձերբակալուեցաւ 1920 թուականի Հոկտեմբերին, Խատիսեանի գլխաւորած իշխանութեան կողմէ, իրեն հետ էր նաեւ վանեցի ռամկավար Վերապատուելի Արսէն Կէօրկիւզեանը, երկուքն ալ այդ օրերուն աքսորուեցան Պոլիս։ Մնացին այլ վանեցի ռամկավարներ՝ Ղեւոնդ Խանճեան, Գրիգոր Աճեմեան եւ ուրիշներ, որոնք 1922-ին ողջունեցին Արտակ Դարբինեանը՝ այս անգամ որպէս պատուիրակ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, որ եկած էր հանդիպելու Ալեքսանդր Մեասնիկեանին։

Հայրենադարձութեան տարիներուն 1946-1948,  սփիւռքահայ Ռամկավար Ազատականներ պահեցին իրենց ուխտը՝ միշտ ծառայել հայրենիքին։

Տասնամեակներ ետք, Հայաստան ժամանած Ռամկավար Ազատական ուսանողները, հայրենիքէն ներս գործեցին հաւատարիմ իրենց ուխտին՝  «Հայրենիքի հետ ու Հայրենիքի համար» լոզունգի սկզբունքով։ Աւելին, անոնք կազմեցին Երեւանի ՌԱԿ-ի Արշակ Չոպանեան ակումբը, որ հպարտութեամբ գործեց հայրենիքի մէջ։ Այլ խօսքով ՌԱԿ-ը հայրենիքի մէջ էր արդէն ու վերադառնալու պէտք չունէր։

 

ՌԱԿ-ի հարազատ շառաւիղը կազմող Արմենականութիւնն ալ իր պատուանդանին վրայ մնաց, երբ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակէն ներս կուսակցութեան երիտասարդական միաւորը անուանուեցաւ Արմենական Երիտասարդական Շարժում՝ 1982-ին։

Ամրացնելով իր տեղը այդ պատուանդանին վրայ, օրուան ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ողջունելով այդ իրողութիւնը, 1985-ին Արմենական կազմակերպութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին, տարբեր շրջանակներու մէջ ալ կիրարկեց Արմենական Երիտասարդական Շարժումի ծրագիրը։ Վերանկախացած հայրենիքէն ներս Արմենականներու հիմնադրութեան 120 ամեակին առիթով, 2005 թուականին, որպէս հասարակական-երիտասարդական կազմակերպութիւն գրանցուեցաւ Արմենական անունը։

Ահա թէ ինչպէս կարելի եղաւ սերունդէ սերունդ վառ պահել Արմենական անունը, որպէս ծնունդը ռամկավարութեան ու անոր անշեղ գաղափարախօսութեան։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միաւորման աշխատանքին մաս կազմեցին նաեւ անոր միաձոյլ ծրագիրը ու ժողովրդավարութիւն տարածող կանոնագիրը։ Հայրենիքի հետ ու հայրենիքի համար գործող ժողովրդավարական գաղափարախօսութիւնը միաձոյլ երեւոյթ պէտք է առնէ ու մնայ որպէս ՌԱԿ՝ իր Արմենական, Վերակազմեալ ու Սահմանադրական անցեալի շառաւիղներով։

Վերանկախացած հայրենիքէն ներս ու աշխարհացրիւ ՌԱԿ-ի շարքերուն համար էական է կառչիլ հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն եւ թոյլ չտալ որ քայքայիչ արարքներով քանդուի հայ ժողովուրդի ծառայութեան գերագոյն նպատակը։ Յաւերժական հայրենիքի երազով գործող եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերելքը ցանկացող քաղաքական ու աւանդական կազմակերպութեան համար տեղատւութիւն չկայ, մանաւանդ, երբ ընդունինք որ երկրին որդեգրած երկքաղաքացիութեան օրէնքն ալ կրնայ նպաստել Հայրենիք-Սփիւռք միաձոյլ ու միանպատակ սրբազան առաքելութեան։

 

Արա  Ահարոնեան