Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սաութֆիլտ քաղաքը ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր

2022-04-21
Image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգի Սաութֆիլտ քաղաքը ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: Որոշումը ստորագրեց քաղաքապետ Քենսոն Սիլվերը։

Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքային խորհուրդին՝ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին հայ համայնքին միանալու համար։

«Ցեղասպանութիւններու շարքը պիտի շարունակուի, եթէ մենք մեղաւորները պատասխանատուութեան չենթարկենք»,- յաւելեց Միշիկընի հայ դատի յանձնախումբը։

Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակուած է նաեւ Միշիկըն նահանգի մէկ այլ քաղաք՝ Ֆարմինկթոն Հիլզը: