Երուսաղէմի մէջ մոմավառութիւն ի յիշատակ Արցախեան վերջին պատերազմի նահատակներուն 

2020-10-11
Image

10 Հոկտեմբեր, 2020-ին, Երուսաղէմի Հայոց Վանքի մեծ բակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն ի յիշատակ Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին նահատակուած  բոլոր զինուորներու եւ քաղաքացիական զոհերու։

Մոմավառութեան ընթացքին Ժառանգաւոր սաներ «Տէր Ողորմեայ» երգեցին, ապա բոլոր ներկաները նահատակուած զինուորի մը անունով մոմ վառեցին, որմէ յետոյ «Հայր Մեր» երգուեցաւ։

Մոմավառութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի քարտէզի տեսքով էր, որու նպատակը մեր նահատակ քաջերու հոգիները վառ պահելն էր։

 

5