Լոս Անճելըսի հայերը Արցախի դրօշը պատկերած են Թուրքիոյ հիւպատոսութեան շէնքի ճակատին

2020-10-12
Image

Արցախի դրօշը`Peace for Armenians գրութեամբ, լուսարձակուած է Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան շէնքին վրայ։ Այդ մասին վկայող լուսանկարներ յայտուած են դիմատետրեան տիրոյթին մէջ։ Աւելի վաղ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը լուսանկարներ հրապարակած էր Լոս Անճելըսի մէջ կայացած բազմամարդ ցոյցերէն։

Լոս Անճելըսի մէջ կը շարունակուին ընդդէմ ատրպէյճանա-թրքական յարձակման եւ անաչառ հրապարակումներու պահանջով մեկնարկած լայնամաշտապ, բազմամարդ ցոյցերը՝ տեղի հայ համայնքի կողմէն: 

LAPD-ի տուեալներով, շուրջ 170 000 մարդ մասնակցած է այսօր մեկնարկած յաղթական երթին Լոս Անճելըսի մէջ: