Պիտի կատարուի Ընկ.Արա Ահարոնեանի մահուան Ա. Տարելիցը

2022-04-21
Image

Տարելից

Արդէն տարի մը անցած է այն չարաբաստիկ օրէն, երբ մեզմէ անժամանակ հեռացաւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ամենէն նուիրեալ գործիչներէն մէկը՝ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԸ։ Այսու տեղեակ կը պահենք մեր շրջանակի ընկերներն ու բարեկամները, որ Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ին պիտի կատարուի Ընկ.Արա Ահարոնեանի  մահուան Ա. Տարելիցը Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հետ հոգեհանգստեան պաշտօնին պիտի կատարուի հոգեսուրճի սպասարկութիւն ԿԻՐԱԿՈՍ սրահին մէջ։

Հասցէ.-

St. Gregory Armenian Apostolic Church
2215 E. Colorado Blvd.
Pasadena, California 91107

ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութիւն