Ալիեւ կը շարունակէ միջազգային բոլոր գործընկերները համոզել, որ Լաչինի միջանցքը բաց է․ Մարուքեան

2023-01-23
Image

Լաչինի միջանցքը 43 օր շրջափակուած է Ատրպէյճանի կողմէ. Ալիեւ կը շարունակէ բոլոր միջազգային գործընկերներուն երաշխաւորել, որ միջանցքը բաց է, եւ որ Ատրպէյճանը էթնիկ զտումներու իր քաղաքականութեամբ 120 հազար մարդ սովի չէ մատնած։  Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեանը։

«Եթէ դա ճիշդ է, ինչո՞ւ է Ադրբեջանը մերժում միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւնը»,-աւելցուցած է ան: