Ատրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը. Եւրոխորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է Արցախի վերաբերեալ

2023-01-20
Image

Եւրոխորհրդարանը, 19 յունուարին, «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման մարդասիրական հետեւանքներու մասին» հրատապ բանաձեւ ընդունած է։

Եւրոպական յանձնաժողովը ափսոսանք կը յայտնէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ողբերգական մարդասիրական հետեւանքներուն համար:

Հաշուի առնելով, որ միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհն է,  կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանին յարգելու եւ կեանքի կոչելու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը` ազատ տեղաշարժի հնարաւորութիւն տալով եւ ապահովելով հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը` այդպիսով երաշխաւորելով անվտանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ ապահովելով բնակիչներուն ապրուստի միջոցները:

Կ’ընդգծէ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին՝ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն իրաւունքները եւ զերծ մնալու իր հրահրիչ հռետորաբանութենէն, որ հայերու դէմ խտրական վերաբերմունքի կոչ կ’ընէ եւ կը յորդորէ հայերուն լքել Լեռնային Ղարաբաղը:

Կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին՝ ապագային զերծ մնալու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ճանապարհային, ուժանիւթային կապերը եւ հաղորդակցութիւնը խաթարելէ:

Խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններն ու ՔՀԿ-ները քաւութեան նոխազ դարձնելը եւ կոչ կ’ընէ ԵՄ եւ անդամ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններուն՝ աջակցելու անոնց աշխատանքին:

Կը դատապարտէ ռուս խաղաղապահներու անգործութիւնը, կը գտնէ որ ՄԱԿ-ի մանտաթի ներքոյ գործող ԵԱՀԿ միջազգային խաղաղապահներով անոնց փոխարինման շուրջ պէտք է հրատապ բանակցութիւններ վարուին:

Կոչ կ’ընէ միջազգային կազմակերպութիւններուն տրամադրելու անարգել մուտք դէպի Լեռնային Ղարաբաղ` իրավիճակը գնահատելու եւ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը տրամադրելու համար:

Կոչ կ’ընէ ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ փաստահաւաք առաքելութիւն կազմակերպելու դէպի Լաչինի միջանցք` այնտեղ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու համար:

Կոչ կ’ընէ առանց նախապայմաններու անյապաղ վերսկսելու բանակցութիւնները` հիմնուած Հելսինքիի եզրափակիչ ուխտի սկզբունքներուն վրայ:

Կոչ կ’ընէ ԵՄ-ին աշխուժօրէն ներգրաւուելու եւ ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները այլեւս պատանդ չպահուին Պաքուի աշխուժութեան, Ռուսիոյ ապակառուցողական դերին եւ Մինսքի Խումբի անգործութեան կողմէ:

Կը յանձնարարէ իր Նախագահին սոյն բանաձեւը փոխանցել Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ միջազգային կառոյցներուն: