Ատրպէյճան կը շարունակէ իր սադրանքները. Հայկական բանակը համարժէք պատասխաններ կու տայ

2020-07-13
Image

Անցնող  ժամերուն լռութեան մատնուած Ատրպէյճանեան զօրքեր այս առաւօտ կրկին անգամ կը փորձեն սադրանքներ նիւթել: Այս մասին գրած է ՀՀ ՊՆ-ի  մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։

Ստեփանեան նաեւ  նշած է, որ հայկական սահմանապահ զօրքեր  համարժէք կերպով կը պատասխանեն հակառակորդի սադրանքներուն եւ չի բացառուիր, որ Ատրպէյճանի կորուստներուն թիւը բարձրանայ։

Յիշեցնենք, որ երէկ  բաւական ծանր օր եղած էր Տաւուշի մէջ եւ հակառակորդը փորձած էր ներթափանցման փորձ կատարել եւ  հանդիպելով հայկական զօրքերու  լիարժէք դիմադրութեան  կորուստներ կրելով  հեռացած  էր սահմանագիծէն։

Կարգ մը ատրպէյճանցի օգտատէրեր երէկուընէ ի վեր կը գրեն իրենց բանակի ունեցած կորուստներու մասին, նշելով որ իրենց բանակը տուած է 17 մեռել։