Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով մեկնած է Պրիւքսէլ

2023-01-23
Image

Յունուար 23֊25֊ը ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Պրիւքսէլ։ Այս մասին յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերով կոմիտէին մօտ հանդէս պիտի գայ ելոյթով, ուր անդրադարձ պիտի կատարէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն, Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստան֊Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին, ՀՀ֊ԵՄ փոխգործակցութեան։ Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ պիտի պատասխանէ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու հարցերուն։

Պրիւքսէլ այցի շրջածիրէն ներս նախարար Միրզոյեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի (ՆԱԹՕ) գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկի, Եւրոմիութեան արտաքին գործերու ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի, Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպի հետ։