Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը լուրջ է, պէտք է շտապ լուծումներ գտնել․ Թոյվօ Քլաարը Երեւան է

2023-01-23
Image

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտնած է, որ պիտի վերադառնայ Երեւան: Ան այս մասին գրած է թուիթըրեան էջին:

«Վերադարձ Երեւան՝ մէկօրեայ հանդիպումներու համար։ Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը լուրջ է, եւ պէտք է շտապ լուծումներ գտնել։ Ես անհամբեր կը սպասեմ քննարկումներուն՝ առաջընթացի ուղիները գտնելու համար: Եւրոմիութեան նպատակը կը մնայ համապարփակ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը», - գրած է Քլաար: