Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներ այցելած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն

2023-03-29
Image

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակի ներկայացուցիչները կրկին այցելած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն։ «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին տեղեկութիւնը յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման եւ կանխարգելման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։

«Հերթական այցելութիւնը տեղի է ունեցել մարտի սկզբին»,–ըսած է ան։

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակներն այցելած են այն գերիներուն, որոնց առկայութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս ճանչցած են։ Այս անգամ նոյնպէս գերիներուն հնարաւորութիւն ընձեռուած է կապ հաստատելու հարազատներու հետ՝ նամակներ փոխանցելու, խօսելու հեռախօսով եւ տեսակապով:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները գնահատած են նաեւ գերիներու առողջական վիճակն ու պահման պայմանները։

Նշենք, որ նախորդ այցը եղած էր յունուարին։

Յիշեցնենք` Պաքուն այս պահուն կը հաստատէ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք 33 անձի գերի ըլլալու փաստը։ Պաշտօնական Երեւանը, սակայն, կը վստահեցնէ, որ անոնց թիւը աւելի շատ է։ Իրաւապաշտպաններու տուեալներով` ատրպէյճանական գերութեան մէջ կը գտնուի 80 անձ։