Հայաստանը ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդի անդամ

2021-11-18
Image

Նոյեմբեր 17-ին Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանի ընթացքին կայացած ընտրութիւններու արդիւնքով Հայաստանը առաջին անգամ ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի (ԳԽ) անդամ՝ 2021-2025 թուականներու ժամանակահատուածին համար։

Արեւելաեւրոպական երկիրներու տարածաշրջանային խումբին Գործադիր խորհուրդի ընտրութիւններուն յատկացուած երեք թափուր տեղերուն համար ներկայացուած էին չորս երկիրներու՝ Հայաստան, Լիթուանիա, Ուքրանիա եւ Ատրպէյճան, թեկնածութիւնները:

Փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստանը, ստանալով առաւելագոյն 146 ձայն, առաջին տեղով ընտրուեցաւ Գործադիր խորհուրդի կազմին մէջ։

Այսպիսով, Հայաստանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի անդամ ընտրուած է առաջին անգամ` 1992-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին իր անդամակցութենէն ի վեր։ ԳԽ-ին իր անդամակցութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանը ջանքեր պիտի գործադրէ իր յանձնառութիւններն ու առաջնահերթութիւնները իրականացնելու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս՝ աջակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծրագրերու իրագործման, բոլորին համար որակեալ կրթութեան հասանելիութեան ապահովման ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ու պահպանման։