Հայաստանի անվտանգութիւնը Իրանի անվտանգութիւնն է. Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան

2023-01-20
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան անվտանգութիւնն է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Սիւնիքի մարզի մէջ աշխատանքային այցով գտնուող Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին՝ վերահաստատելով Իրանի Արտաքին գործոց նախարարի աւելի վաղ ըրած յայտարարութիւնը առ այն, որ Իրանը Հայաստանի եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կը համարէ իր անվտանգութիւնը:

Դեսպանը ընդգծած է, որ Իրանը իր բոլոր հարեւան երկիրներու հետ այնպիսի քաղաքականութիւն կը վարէ, որու նպատակն է զարգացնել համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով:

«Հայաստանը մեր հարեւան, բարեկամ երկիրն է, ու Հայաստանի նկատմամբ ալ այդ քաղաքականութիւնը կը վարենք: Անվտանգութեան առումով Իրանի դիրքորոշումը միշտ այնպէս եղած է, որ պէտք է յարգուի երկիրներու անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, այդ շարքին՝ Հայաստանինը ու բոլորինը՝ միջազգային օրէնքներու համապատասխան»,- ըսած է Զոհուրին:

Ան նշած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ համագործակցութիւնը եւ բոլոր ուղղութիւններով կապերը կը զարգանան: Դիւանագէտը յոյս յայտնած է, որ այդ համագործակցութիւնը օրէ օր աւելի կ'ընդլայնուի։