Հայկական բանակին հրահանգաւորուած է արձագանգել ըստ անհրաժեշտութեան` ընդհուպ մինչեւ նոր բարենպաստ դիրքերու զբաղեցում

2020-07-13
Image

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մշտական կապի մէջ է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Գասպրչիկի հետ։ Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

«Վերջին զրոյցին ընթացքին՝ պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուցած է, որ հայկական բանակային զօրամիաւորման անձնակազմն ու հրամանատարութիւնը հրահանգ ստածած են դեռ պահպանելու զսպուածութիւն, իսկ հակառակորդի` ՀՀ սահմաններուն ուղղութեամբ սադրանքներու պարագային` արձագանգելու ըստ անհրաժեշտութեան` ընդհուպ մինչեւ նոր բարենպաստ դիրքերու զբաղեցում»։