Հրապարակուած է հայկական սահմանը հատել փորձած ատրպէյճանեան կառքի լուսանկարը

2020-07-13
Image

Banak.info-ն հրապարակած է այն «ՈՒԱԶ» մակնիշի մեքենայի լուսանկարը, որով ատրպէյճանցի զինծառայողները 12 յուլիսին,  Տաւուշի ուղղութեամբ ՀՀ պետական սահմանը խախտելու փորձ կատարած էին:

Հայկական կողմի նախազգուշացումէն ետք Ատրպէյճանի զինծառայողները, թողելով «ՈՒԱԶ» մակնիշի մեքենան, վերադարձած էին իրենց դիրք: Անկէ կարճ ժամանակ անց՝ ժամը 13:45-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողները կրկնած էին հայկական զինուած ուժերու սահմանային դիրքը գրաւելու փորձը, կիրառելով հրետանային կրակ, սակայն ճնշուած են հայկական կողմէ եւ կորուստներ կրելով ետ շպրտուած: