ԱՄՆ-ը խստօրէն կը դատապարտէ լարուածութեան թէժացումը

2020-09-28
Image

Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մորկան Օրթակուսը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ ռազմական գործողութիւններու կապակցութեամբ, որ հրապարակուած է Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան կայքին մէջ:

«Միացեալ Նահանգները մտահոգուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի շփման երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին հաղորդագրութիւններով, որոնք յանգեցուցած են զոհերու, նաեւ՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանին: Մենք ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն:

ԱՄՆ-ը խստօրէն կը դատապարտէ այդ լարուածութեան թէժացումը: Քարտուղարի տեղակալ Պիկունը կոչ ըրած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ Ճեյխուն Պայրամովին եւ Հայաստանի ԱԳՆ Զոհրապ Մնացականեանին յորդորել կողմերը անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, կիրառել ուղիղ հաղորդակցման միջոցները անոնց միջեւ հետագայ թէժացումէն խուսափելու համար, եւ խուսափիլ անօգուտ հռետորութենէն ու գործողութիւններէն, որոնք կը յանգեցնեն լարուածութեան աճին:

Միացեալ Նահանգները կը համարէ, որ արտաքին կողմերու կողմէ բռնութեան մասնակցութիւնը կրնայ չափազանց անօգուտ ըլլալ եւ միայն խորացնել տարածաշրջանային լարուածութիւնը: Մենք կոչ կ'ընենք կողմերուն աշխատելու Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ հնարաւորինս արագ առարկայական բանակցութիւններուն վերադառնալու համար: Որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ՝ ԱՄՆ-ը կը շարունակէ հաւատարմօրէն աջակցիլ կողմերուն հակամարտութեան խաղաղ եւ կայուն կարգաւորման համար»,-նշուած է գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ: