ԱՄՆ-ի չորս ծերակուտականներ պահանջած են անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ

2020-07-09
Image

ԱՄՆ Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները ներկայացնող 4 պատգամաւորներ նամակ յղած են երկրի պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփերին եւ պահանջած Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառել` Ռուսաստանէն С-400 զենիթահրթիռային համակարգեր գնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Yeniçağ Gazetesi պարբերականը:

Պաշտպանութեան նախարարին ուղարկուած նամակը ստորագրած են դեմոկրատ ծերակուտականներ Ժան Շահինը, Քրիս Վան Հոլլընը եւ հանրապետական  Թոմ Թիլլիսն ու Ճեյմս Լանքֆորտը:

Նամակը իր թուիթըրեան էջին հրապարակած է Շահինը, կցելով հետեւեալ գրութիւնը. «Մենք ջանացած ենք նախագիծը օրէնքի վերածել, որպէսզի Էրտողանին ցոյց տանք, որ ՆԱԹՕ-ի եւ թրանսաթլանթեան անվտանգութիւնը թուլացնելու նպատակով անոր ձեռնարկած քայլերը չեն կրնար հաւանութեան արժանանալ։ F-35 կործանիչներու մատակարարման շղթայէն Թուրքիոյ հեռացումը երկու կուսակցութիւններու ջանքերու արդիւնք էր, որուն նպատակն էր ապահովել, որ Էրտողանը պատասխան տայ, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանէ ԱՄՆ-ի արհեստագիտութիւնները։ Եկած է ժամանակը, որ իշխանութիւնները անյապաղ կիրառեն այս օրէնքը»,-գրած է Շահինը:

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ С-400 համակարգերու գնման շուրջ բանակցութիւններու մասին առաջին անգամ յայտնի դարձած էր նոյեմբեր 2016-ին, իսկ վաճառքի մասին պայմանագիրը կնքուած էր սեպտեմբեր 2017-ին. ձեռք բերուած զենիթահրթիռային 4 միաւոր համակարգերու արժէքը 2,5 միլիառ տոլար կազմած է: