Ատրպէյճանը յայտարարած է, թէ «սխալմամբ» խոցած է ռուսական ուղղաթիռը

2020-11-09
Image

Ատրպէյճանը յայտարարած է, թէ «սխալմամբ» խոցած է ռուսական ուղղաթիռը։ Այս մասին յայտարարած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ 

Ատրպէյճանական կողմը պատճառաբանած է, թէ «ուղղաթիռի թռիչքը տեղի ունեցած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին մօտակայքը, մինչդեռ այդ ընթացքին ուժգին ռազմական բախումները կը շարունակուին հայ-ատրպէյճանական, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ»։ Պաքուն ներողութիւն խնդրած է «միջադէպի համար» ու յայտարարած, թէ պատրաստ է փոխհատուցելու զոհուած օդաչուներու ընտանիքներուն։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, ատրպէյճանական զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին՝ Նախիջեւանի ուղղութեամբ, ռուսական ուղղաթիռ խփած են: