Արարատի մարզ. Նախիջեւանի կողմէն եղած կրակով ռուսական ուղղաթիռ մը խոցուած է

2020-11-09
Image

Նոյեմբեր 9-ին, ժամը 18։39-ին Արարատի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երասխ գիւղէն Պարոյր Սեւակ գիւղ տանող հատուածին մէջ՝ ձորին մէջ, ռուսական ուղղաթիռ ինկած եւ բռնկած է։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱԻՆ-ը:

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան դաշտային խումբը եւ հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն երեք մարտական հաշուարկ։

Sputnik Արմենիա-ի աղբիւրը յայտնած է, որ ենթադրաբար ռուսական ուղղաթիռը խոցուած է Նախիջեւանի կողմէ։