Իրանի ԱԳ նախարարը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Ռուսաստան, Հայաստան եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաուատ Զարիֆը յայտարարած է, որ յաջորդ շաբաթ պիտի ուղեւորուի Ռուսաստան եւ Կովկասի տարածաշրջանի երկիրներ:
«Կը ծրագրեմ մեկնիլ Կովկաս եւ Ռուսաստան: Սովորաբար, ես չեմ յայտարարեր, սակայն կը կարծեմ, որ Ատրպէյճան, Ռուսաստան, Հայաստան եւ Վրաստան կատարելիք այցերու ամսաթիւերը որոշուած են»,- իրանցի նախարարին մէջբերած է «ԻՍՆԱ» գործակալութիւնը:
Վերջինս աւելցուցած է, որ բանակցութիւններ կ'ընթանան նաեւ Թուրքիոյ հետ: «Անցեալ գիշեր հեռախօսազրոյց ունեցած եմ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Մտադիր եմ ուղեւորուիլ երկիրներ, որոնք կրնան աշխատիլ միասին՝ օգնելու կարգաւորել Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամը եւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հարցը տարածաշրջանին մէջ»,- աւելցուցած է Զարիֆ: