Հայաստանը խիզախօրէն կը պայքարի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական յարձակման դէմ. Հոլանտացի պատգամաւոր

2020-09-28
Image

Հոլանտայի խորհրդարանի պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ՝ Ճոէլ Ֆորտեուինտը թուիթերեան իր միքրոպլոկով անդրադարձած է արցախա-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին։

«Հայաստանը խիզախօրէն կը պայքարի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական յարձակման դէմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Քիչ ետք բանավէճի ժամանակ կոչ պիտի ուղղեմ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Պլոքին, դատապարտելու յարձակումները։ Թող Եւրոպական Միութիւնը առաջ մղէ զինադադարը եւ Հոլանտան առաջնորդէ այդ աշխատանքը», - նշած է Ֆորտեուինտը։