Մոսկուան կ'ակնկալէ, որ ՄԱԿ-ը միանայ ԼՂ-ի մէջ կատարուող աշխատանքներուն. Լաւրով

2020-11-17
Image

Մոսկուան կ'ակնկալէ, որ ՄԱԿ-ի կառոյցները, հետեւելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին, կը միանայ Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, ըսած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Յոյսով ենք, որ այլ մարդասիրական կառոյցներ, առաջին հերթին ՄԱԿ-ի կառոյցները, կը միանան: Նկատի ունիմ փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը, մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակը եւ, ի հարկէ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կան նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման սուր խնդիրներ: Եւ այստեղ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կրնայ իր դերը կատարել»,- ըսած է ան լրագրողներուն:

Ան նշած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն երկար ժամանակ է, որ տարածաշրջանին մէջ է, եւ անոր փորձը կրնայ օգտակար ըլլալ այլ կազմակերպութիւններու համար:

«Կը կարծեմ, որ այդ համաձայնութիւններու հիման վրայ ռազմական գործողութիւններու դադարեցումը, ի հարկէ, լրացուցիչ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատանքի համար, որ ներկայ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը»,- ըսած է ան լրագրողներուն:

Ըստ անոր՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կրնայ եւ կարեւոր դեր ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածի հետեւանքները յաղթահարելու հարցում: