Շատ մտահոգիչ է Թուրքիոյ միջամտութիւնը, որ մենք ոչ մէկ պարագայի պէտք է թոյլ տանք. Կոնստանթին Զատուլին

2020-09-28
Image

Իրավիճակը շատ վտանգաւոր է, քանի որ այդ հակամարտութիւնը կարող է վերաճիլ շատ խոշոր ծաւալներու: Այդ մասին «360» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է ՌԴ Պետտումայի պատգամաւոր Կոնստանթին Զատուլինը ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի մագլցման մասին խօսելու ժամանակ:

«Ռուսաստան, ի հարկէ, կը միջամտէ յանուն հակամարտութեան դադրեցման: Ես նկատի ունիմ դիւանագիտական միջամտութիւնը: Մեր կողմէն կայուն ձգտումը ռազմական գործողութիւններու դադրեցումն է եւ հրադադարի ռեժիմի վերադարձը»,-յայտարարած է Զատուլին:

Զատուլինի խօսքով՝ ոչ միայն Ռուսաստանը կը ձգտի օգնել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, այլ նաեւ Ֆրանսան եւ ԱՄՆ-ը: «Միւս կողմէ, գործողութիւնները, որոնք ձեռնարկուած են վաղ առաւօտեան ատրպէյճանական կողմի նախաձեռնութեամբ, որ ակնյայտօրէն կը ցանկար ցուցադրել ուժ ու վրէժխնդրութեան ունակութիւն, ըստ ամենայնի, աջակցութիւն կը ստանայ Թուրքիոյ կողմէ»,-ենթադրած է քաղաքական գործիչը:

Ան ընդգծած է թէ իրենք բարեկամական յարաբերութիւններ կը փորձեն կառուցել ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի հետ, սակայն փաստը, որ այդ հակամարտութիւնը սկսած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի խօսնակը Ռուսաստան ժամանելէ քանի օր անց, եւս կը  վկայէ, որ Ատրպէյճանը չամչնար այդ առիթով:

Մէկ օրուայ մէջ ռազմական գործողութիւնները կրեցին լայնածաւալ բնոյթ, արդէն զոհեր կան խաղաղ բնակչութեան մէջ․ այս ամէնը կը մատնանշէ, որ Ատրպէյճանին կ'աջակցի Թուրքիան, կը վստահեցնէ ռուսաստանցի պատգամաւորը։ 2016 թուականի ապրիլին այսօրուայ իրավիճակին նման ինչ որ բան տեղի ունեցաւ, այդ ժամանակ Ատրպէյճանը հրադադարի ռեժիմը խախտեց 1994 թուականէն ի վեր առաջին անգամ։

«Այդ ժամանակ, այդ կարգին մեր ջանքերով, արագ դադրեցաւ։ Անչափ մտահոգիչ է Թուրքիոյ միջամտութիւնը, որ մենք ոչ մէկ պարագային պէտք է թոյլ տանք»,- ըսած է Զատուլինը՝ յիշեցնելով, որ Ռուսաստանը ՀԱՊԿ շրջանակին մէջ պարտաւորութիւններ ունի, ուր նշուած է, որ Հայաստանի, ինչպէս եւ պայմանագրի այլ անդամներու վրայ յարձակումը կը նշանակէ յարձակում ամբողջ դաշինքին վրայ։ Եւ Ատրպէյճանը այս մասին գիտնալով, յարձակում ձեռնարկած է Ղարաբաղի վրայ, ուր Ռուսաստանը այդպիսի պարտաւորութիւններ չունինք:

 «Ներքին տեսակէտէ այդ մեզ համար վտանգաւոր է։ Մեր երկրին մէջ կը բնակին 1,5 միլիոն ատրպէյճանցի եւ 2,5 միլիոն հայ,- ըսած է քաղաքական գործիչը։ - Մենք դէմ ենք որեւ ռազմական լուծման։ Այս մեր դիրքորոշումն է։ Խաղաղ պայմանագիրը հնարաւոր է»։