Պաքուի մէջ մահափորձ կատարած են ատրպէյճանցի պատգամաւորի դէմ

2023-03-29
Image

Պաքուի մէջ մահափորձ կատարուած է Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսի (խորհրդարանի) պատգամաւոր Ֆազիլ Մուսթաֆայի դէմ։ Այս մասին գրած է Musavat.com կայքը։

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ անոր վրայ կրակած են, երբ ան դուրս կու գար իր տան մօտ գտնուող շուկայէն։

Նշուած է, որ պատգամաւորը ստացած է երկու հրազէնային վնասուածք՝ ոտքի եւ ուսի հատուածին։

Ինչպէս հաղորդած են տեղական լրատուամիջոցները, Ֆազիլ Մուսթաֆան տեղափոխուած է հիւանդանոց: Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Ատրպէյճանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է պատգամաւորի վրայ յարձակման փաստը: