Սուրբ Սոֆիայի սպառնալիքը սպառնալիք է ողջ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան համար․ Պատրիարք Քիրիլ

2020-07-07
Image

Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, որուն մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրած է պահպանելու Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի՝ թանգարանի կարգավիճակը, կը յայտնէ «Ինթըրֆաքս»-ը:

«Ես կ'ապաւինիմ Թուրքիոյ կառավարութեան խոհեմութեան: Սուրբ Սոֆիայի՝ չէզոք կարգավիճակի պահպանումը, որ քրիստոնէական մշակոյթի մեծագոյն գլուխգործոցներէն մէկն է, տաճար-խորհրդանիշ է միլիոնաւոր քրիստոնեաներու համար ամբողջ աշխարհի մէջ, պիտի ծառայէ կապի հետագայ զարգացման՝ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներու միջեւ, միջկրօնական խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման»,- ըսուած է պատրիարք Քիրիլի յայտարարութեան մէջ:

Ռուս եկեղեցւոյ առաջնորդը նշած է, որ Սուրբ Սոֆիան, որ կառուցուած է VI դարուն՝ ի պատիւ Քրիստոսի, շատ բան կը նշանակէ ամբողջ ուղղափառութեան համար եւ այն յատկապէս արժէքաւոր է Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ համար։

Պատրիարքը խոստովանած է, որ Ռուսաստանի եւ Կոստանդնապոլսոյ յարաբերութիւնները պատմութեան ընթացքին տարբեր եղած են․ երբեմն շատ բարդ ժամանակաշրջաններ եղած են, սակայն «ռուս ժողովուրդը, ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա, ցաւով եւ վրդովմունքով ընկալած է եւ կ'ընկալէ Պոլսոյ եկեղեցւոյ հազարամեայ հոգեւոր ժառանգութիւնը նուաստացնելու կամ ոտնահարելու ցանկացած փորձ»: «Սուրբ Սոֆիայի սպառնալիքը սպառնալիք է ողջ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան եւ հետեւաբար նաեւ մեր հոգեւորականութեան եւ պատմութեան համար: Եւ մինչ օրս իւրաքանչիւր ռուս ուղղափառ մարդու համար Սուրբ Սոֆիան քրիստոնէական մեծ սրբութիւն է: Իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ պետութեան պարտականութիւնն է հաւասարակշռութիւն պահպանել, հարթել հակադրութիւնները հասարակութեան մէջ, այլ՝ ոչ թէ սրել, նպաստել մարդոց միաւորման, ոչ թէ՝ պառակտման»,- ըսած է պատրիարքը։