Սպանիոյ Քոնկրէսը ընդունած է պատգամաւոր Ճոն Ինիարիտուի առաջարկ-միջնորդութիւնը ԼՂ-ի վերաբերեալ

2020-11-24
Image

Սպանիոյ Քոնկրէսը ընդունած է պատգամաւոր Ճոն Ինիարիտուի հերթական առաջարկ-միջնորդութիւնը, որմով Քոնկրէսը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքացիական եւ զինուորական զոհերու ընտանիքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Առաջարկ-միջնորդութիւնը կը վերահաստատէ հայ ժողովուրդի հետ խոր բարեկամական կապերը, կարեւոր կը համարէ հայկական մշակութային եւ կրօնական կեդրոններու պաշտպանութիւնը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող կամ անոնց վերահսկողութեան տակ անցնող տարածքներուն մէջ, ԵՄ-ի կողմէ անհրաժեշտութեան պարագային Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական օգնութեան ծաւալներու աւելումը, ինչպէս նաեւ՝ ներքին տեղահանուածներու եւ փախստականներու վերադարձը իրենց բնակավայրեր։

Կը նշուի, որ Քոնկրէսին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերէն որեւէ մէկը վերոնշեալ առաջարկ-միջնորդութեան դէմ չէ քուէարկած: