Երեք նոր անցակէտեր հայ-ատրպէյճանական սահմանին․ նախագիծն՝ e-draft.am-ի մէջ

Շրջանառութեան մէջ դրուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին երեք նոր անցակէտեր դնելու ծրագիրը. «Գեղարքունիքի մարզի Սոթք համայնքէն դէպի պետական սահմանի M11 մայրուղի, ատրպէյճանական կողմէն դէպի Քելբաջար, Արարատի մարզի Երասխ համայնքին մէջ` դէպի Սադարակ, Սիւնիքի Քարահունջ համայնքէն մօտ 7,5 քմ հարաւ` M2 մայրուղիին վրայ, դէպի Ղուբաթլու», e-draft.am-ին մէջ նախագիծը շրջանառութեան մէջ դրուած է:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած էր Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնին եւ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահին` ապահովել ատրպէյճանական կողմի անարգել անցումը Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան` ընդգծելով, որ այդ պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով:
Փաշինեանի յայտարարութենէն երկու շաբաթ անց նախագիծը արդէն իրաւական ակտերու նախագիծերու միասնական կայքին մէջ շրջանառութեան մէջ է: Բոլոր երեքն ալ մայրուղիի անցակէտեր պիտի ըլլան:
Եթէ որոշումը կառավարութեան նիսին ընդունուի, ԱԱԾ տնօրէնն ալ պէտք է երկու շաբթուան մէջ ապահովէ իրաւական ակտի ընդունումը, որ պիտի երաշխաւորէ այս նոր անցակէտերով մարդոց, բեռերու եւ փոխադրութեան միջոցներու տեղաշարժին հետ կապուած անվտանգութիւնը: Բայց թէ մաքսային ի՞նչ կարգաւորումներ պիտի գործեն, նախագիծը չի յստակացներ:
Ճանապարհային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման եռակողմ` հայ-ատրպէյճանա-ռուսական յանձնաժողովը որեւէ հրապարակային յայտարարութիւն չէ ըրած, թէ վերջնական համաձայնութեան եկած են ճանապարհներու բացման հարցով:
Նշենք, որ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան վերջին կէտին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանը կ’երաշխաւորէ ճանապարհային հաղորդակցութեան կապերու անվտանգութիւնը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ` քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու համար: Ատրպէյճանական կողմէն կը պնդեն, որ անխոչընդոտ տեղաշարժ կը նշանակէ, որ հայկական կողմը պէտք չէ որեւէ վերահսկողութիւն իրականացնէ: