Այցելութիւն՝ Կիպրոսի Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

2025-10-25
Image

Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ի յետմիջօրէին, Կիպրոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկեր Յակոբ Խուրշիտեանի:


Այցելութեան հիմնական նպատակն էր շնորհաւորել արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկին Իննա Թորգոմեանը, պատասխանատու այս պաշտօնին նշանակման առիթով եւ ողջունել Կիպրոսի մէջ, ի վերջոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն ունենալու խրախուսիչ իրողութիւնը:


Տիկին Թորգոմեան եւ դիւանագիտական կանոնակարգի (փրոթոքոլ) օգնական Պարոն Լէօն Եաղուբեան ջերմօրէն ընդունեցին պատուիրակութեան անդամները, որոնք, շնորհաւորանքի իրենց արտայայտութիւններէն ետք, ընդգծեցին թէ ազգային իր դաւանանքի սահմանումով, ՌԱԿ-ը գերազանցապէս պետականամէտ կուսակցութիւն մըն է, որուն համար հարազատ է հայրենի ամէն իշխանութիւն, որ ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններով կ'արժանանայ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի վստահութեան: Աւելցուցին նաեւ որ Կուսակցութեան անխախտ համոզումն է որ բացարձակապէս միայն հայրենի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն իրաւասութիւնն է տնօրինումը Հայաստանի ներկային, այնպէս եւ ապագային:


Ապա տեղի ունեցաւ աւելի քան մէկ ժամ տեւող մտերմիկ, բայց միաժամանակ նաեւ բովանդակալից ու խիստ կառուցողական զրոյց մը, որու ընթացքին, կատարուեցաւ նախածրագրումը փոխադարձ սերտ համագործակցութեան:

 

Ձախէն աջ՝ ընկեր Յակոբ Խուրշիտեան, Տիկին Իննա Թորգոմեան, ընկեր Ասատուր Տէվլեթեան եւ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան