Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Տիկին Աննա Յակոբեանին

2024-09-30
Image

Տիկին Աննա Յակոբեանի Միացեալ Նահանգներ գտնուելուն առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մշակութային Խորհրդատու Տիկին Շողակ Յովհաննէսեանի համատեղ նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24-ին, տեղի ունեցաւ շքեղ ընդունելութիւն-ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Առաջին Տիկնոջ»։

Տիկին Յովհաննէսեան, Նիւ Ճըրզի նահանգի Ֆորթ Լի քաղաքի իր բնակարանէն ներս ազնուօրէն հիւրընկալեց Տիկին Աննա Յակոբեանը, ի ներկայութեան մօտակայ բնակութեամբ, ազգային-հասարակական գործունէութիւն ունեցող շուրջ երեսուն հրաւիրեալներու։

Իրեն յատուկ ջերմութեամբ եւ հիւրամեծարութեամբ, Տիկին Յովհաննէսեան ողջունեց Տիկին Աննա Յակոբեանը եւ ներկաները շեշտելով «Իմ Քայլը» բարեգործական հիմնադրամի կարեւորութիւնը հայրենի ներկայ իրականութենէն ներս։

Ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, Տիկին Յակոբեան մեծ խանդավառութեամբ արտայայտուեցաւ հիմնադրամի առաքելութեան, ի կատար ածած եւ ծրագրած գործունէութիւններուն եւ իր ունեցած ամբողջական յանձնառութեան մասին։

Հինմադրամի փոխ տնօրէն եւ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Տիկին Թալին Թօփալաքեան, ապա, հանգամանօրէն ներկայացուց 2018-ին կեանքի կոչուած բարեգործական հիմնարկութեան նախաձեռնած բազմապիսի գործունէութիւնները, որոնք կը ձգտին օժանդակել որ այլեւայլ կարիքներ ունեցող մեր հայրենակիցները ձեռք բերեն ինքնաբաւ եւ արժանապատիւ կենցաղ։

 

Նկարին մէջ – Տիկին Աննա Յակոբեան եւ Տիկին Շողակ Յովհաննէսեան (ձախին)