Մեր մասին

 

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ, ՌԱԿ-Ի ՈՒՂԻՆ

Հայ  ժողովուրդի  պատմութեան մէջ իր ուրոյն եւ անփոխարինելի դերը ունեցած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) իր գործունէութեան տարբեր փուլերուն միշտ  ալ կարեւորած է մամուլի դերը:

Հայ մամուլի մեծ ընտանիքին մէջ իրենց փառաւոր տեղը ունեցած են աշխարհով մէկ սփռուած ՌԱԿ մամուլի բազմաթիւ  անուններ. այդ պարբերականներու էջերուն տեղ գտած են ոչ միայն կուսակցութեան  կեանքի մասին նիւթեր, այլեւ ողջ հայութիւնը յուզող հարցերը մշտապէս եղած են կուսակցութեան  պարբերական  մամուլի  ուշադրութեան կեդրոնին:

Ազգային յոյզերը, մտահոգութիւնները, ժամանակակից աշխարհին մէջ հայութեան տեղն ու դերը, անցեալի ու ներկայի կապը, հայրենիքի եւ սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները այսօր ալ կը շարունակեն մնալ ՌԱԿ-ի գործունէութեան  առանցքը, եւ  այդ արծարծումներն են, որոնց պարտաւոր է անդրադառնալ մամուլը, իբրեւ  ժամանակի շունչ  եւ  զարկերակ՝  հսկող արթուն ժամապահ:

«Ռամկավար Մամուլ»ը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնական խօսափողն  է: «Ռամկավար Մամուլ»ի հրապարակումներու  ճամբով  հնարաւոր  պիտի  ըլլայ  ծանօթանալ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնական դիրքորոշումներուն եւ որդեգրած  ընդհանուր քաղաքականութեան։  Մեր ընթերցողները  նաեւ տեղեկութիւններ պիտի ստանան  Ռամկավար Ազատական  Կուսակցութեան Հայաստանի, Արցախի  եւ Սփիւռքի տարբեր  գաղութներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալող ՌԱԿ-եան  շրջանակներու  գործունէութեան  մասին։

«Ռամկավար Մամուլ»ը պիտի գայ համալրելու հայկական զանգուածային  լրատուամիջոցներու շարքը՝ իր առջեւ նպատակ ունենալով կապ պահել աշխարհով մեկ տարածուած հայութեան միջեւ, անշուշտ, իբրեւ հայեցողութեան հիմնական կէտ ունենալով Հայաստանը:

Ժամանակակից թուային հասարակութեան պայմաններուն մէջ աւելի հեշտ դարձած է ըսելիքը տեղ հասցընելը, հաղորդակցիլը եւ ընթերցողին հետ յետադարձ կապ ստեղծելը:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու ընձեռած միջոցներէն, ահաւասիկ ձեր առջեւ է «Ռամկավար Մամուլ»ը՝ հաւատարիմ խօսքի ազատութեան, պատասխանատւութեան, ըսելիքի կարեւորութեան սկզբունքներուն, եւ, ամենակարեւորը,  մնալով հաւատարիմ հայ մամուլի դարաւոր աւանդոյթներուն՝ Մենք կ՚արժեւորենք ստոյգ տեղեկատւութիւնը եւ այդ հաւատքով է,  որ կը  սկսինք մեր  գործունէութիւնը։

«Ռամկավար Մամուլ»ը պիտի  դառնայ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան,    շրջանակներուն, ընկերներուն ու գաղափարակից համակիրներուն իսկական  ամպիոնը, որուն շնորհիւ ալ  կուսակցութեան գործունէութիւնը, ձայնն ու խօսքը  լսելի պիտի դառնան ամենուրէք։

 «Ռամկավար Մամուլ»