Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Հայաստանին կը սպառնան պատերազմով, բռնազաւթմամբ եւ ցեղասպանութեամբ. Լեմքինի հիմնարկ

Ցեղասպանութեան կանխարգելման Լեմքինի հիմնարկն ամփոփած է 2022 թուականը եւ տարեվերջեան իր զեկոյցին մէջ ներկայացուցած է տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք այս կամ այն կերպ կապուած են ցեղասպանութեան հետ: Զեկոյցին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հայաստանը եւ Արցախը:
Լեմքինի հիմնարկը նշած է, որ 2022-ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը սպառնալիքի տակ դրուած է հարեւան Ատրպէյճանի եւ անոր դաշնակից Թուրքիոյ կողմէ: Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի մշտական խախտումները, ինչպէս նաեւ սեպտեմբերին Ատրպէյճանի իրականացուցած յարձակումը Հայաստանի դէմ, հայ ռազմագերիներու հանդէպ վայրագութիւնները:
«Հակառակ որ արտաքին աշխարհը արագ արձագանգեց՝ պահանջելով վերջ դնել Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակման, սակայն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի 140 քառակուսի քիլոմեթրը, ինչպէս նաեւ Արցախի կարեւոր հատուածները, այդ շարքին՝ Շուշի քաղաքը, դեռ բռնագրաւուած են Ատրպէյճանի կողմէ», - նշուած է զեկոյցին մէջ:
Հիմնարկը նաեւ յայտնած է, որ 12 դեկտեմբերէն Ատրպէյճանը փակած է Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը՝ առաջացնելով մարդասիրական ճգնաժամ, որ կրնայ արագ վերածուիլ աղէտի:
«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը երկրին մէջ բացայայտ կերպով կը վարէ դաժան հակահայկական քաղաքականութիւն՝ տօնելով պատերազմական յանցագործութիւնները եւ միեւնոյն ժամանակ արտաքին աշխարհին ներկայանալով որպէս հանդուրժողականութեան ամրոց», - գրած են Լեմքինի հիմնարկի փորձագէտները՝ աւելցնելով, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, ուզելով Հայաստանէն ստանալ «Զանգեզուրի միջանցք», Հայաստանին կը սպառնան պատերազմով, բռնազաւթմամբ եւ ցեղասպանութեամբ:
Հիմնարկը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն բանի վրայ, որ հզօր երկիրները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը, ՆԱԹՕ-ն եւ այլ կառոյցներ կը շարունակեն բացայայտ կերպով աջակցիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարչակարգերուն:
«Ատրպէյճանը Freedom House-ի կողմէ ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամենաքիչ ազատ երկիրներէն մէկը: Վերջին տարիներու ընթացքին այնտեղ աւելցած են լրագրողներու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու, ազգային փոքրամասնութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ հալածանքները՝ այլախոհութիւնը վերացնելու համար օգտագործելով ներքին, ինչպէս նաեւ անդրազգային բռնաճնշումներ», - եզրափակած են փորձագէտները: