Մեզի համար անընդունելի է Արցախի հայաթափման լուռ վկայ դառնալու ռուս խաղաղապահներու տեսանելի դարձող գործելակերպը․ Նիկոլ Փաշինեան

Լաչինի միջանցքը փակելը Ատրպէյճանի կողմէ անոր ստանձնած միջազգային պարտաւորութեան կոպտագոյն խախտում է։ Եթէ նոյնիսկ հիմնուինք Ատրպէյճանի պրոպագանդիստական (քարոզչական) վարկածի վրայ, թէ Լաչինի միջանցքը փակած են էկոակտիւիստնեը (բնապահպանները), 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, տրանսպորտային (փոխադրամիջոցներու) միջոցներու ու բեռերու անվտանգ երթեւեկութիւնն ապահովելը Ատրպէյճանի ուղիղ պարտաւորութիւնն է, այս պայմաններուն մէջ իրավիճակի յստակ պարզաբանմամբ պէտք է հանդէս գայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբն ու Ռուսիան, որ անվտանգային յստակ պարտաւորութիւններ ստանձնած է ԼՂ ժողովուրդի առաջ։
Այս մասին Կառավարութեան նիստի մեկնարկին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Ան ըսած է, որ նման հարցադրում կը ծագի նաեւ այն պատճառով, որ Լաչինի միջանցքի փակումը Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտի ներխուժելու առաջին դէպքը չէ։
«Եթէ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը օբյեկտիւ կամ սուբյեկտիւ պատճառներով չի կարողանում ապահովել կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղում, կարծում եմ, ինքը պէտք է քննարկում նախաձեռնի ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհրդում եւ Լեռնային Ղարաբաղում Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբին ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհրդի մանթատով օժտելու կամ Լեռնային Ղարաբաղում լրացուցիչ, բազմազգ խաղաղապահ զօրախումբ ուղարկելու հարցը բարձրացնի։ Նման հարցադրում ծագում է նաեւ այն պատճառով, որ Լաչինի միջանցքի փակումը Ատրպէյճանի կողմից Լեռնային Ղարաբաղում Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատւութեան գօտի ներխուժելու առաջին դէպքը չէ։ Սրան նախորդել են Փարուխի իրադարձութիւնները 2022 թուականի մարտին եւ Խծաբերդի իրադարձութիւնները 2020 թուականի դեկտեմբերին, որի հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ երեք տասնեակ քաղաքացիներ շարունակում են մնալ գերեվարուած։ Մեզ համար անընդունելի է ԼՂ հայաթափման լուռ վկայ դառնալու ռուս խաղաղապահների աւելի ու աւելի տեսանելի դարձող գործելակերպը»,- նշած է Փաշինեան։
Վարչապետի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի միջազգային հանրահռչակումը պէտք է դառնայ իրենց ամենօրեայ աշխատանքի մասը։
«Գործընկեր պետութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք է մանրամասնօրէն տեղեկացուած լինեն հաստատուած հումանիտար ճգնաժամի եւ իրավիճակի վատթարացման մասին»,- եզրափակած է Փաշինեան։