Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հնագոյն մարդու հետքերով. քարի դար» խորագրով առաջին ցուցասրահի բացումը
Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ 9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ մշտական ցուցադրութեան վերաբացումը՝ «Հնագոյն մարդու հետքերով. քարի դար» խորագրով ցուցասրահի պաշտօնական բացմամբ։
Ցուցանմուշները կ'ընդգրկեն մեզմէ 1.8 միլիոն տարի առաջ պատրաստուած քարէ գործիքներէն մինչեւ Ք.ա. 5-րդ հազարամեակի տարբեր ուշագրաւ գտածոներ։ Ցուցադրութեան մասնաւորապէս ընդգրկուած են քարէդարեան բարձրարժէք նմուշներ Հայաստանի տարբեր հնավայրերէն, որոնց շարքին` 500-300 հազար տարուայ հնութիւն ունեցող ձեռքի հատիչ, Ք.ա. 6-րդ հազարամեակի թուագրուող քարէ կացին, Ք.ա. 5-րդ հազարամեակի թուագրուող փոքրիկ կաւանօթ, որու մէջ պահպանուած է օխրա ներկանիւթի փոշի եւ կիրառուած է նախնադարեան մարդու կողմէ, յատկապէս՝ թաղման ծէսի ժամանակ։
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի նաեւ 2008 թ. «Արենի-1» քարանձաւի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած կաշիէ ոտնամանը, որ կը թուագրուի Ք.ա. 3600-3500 թուականներուն։ Այն պիտի ցուցադրուի ոտնամանի համար յատուկ կայուն պայմաններ ապահովող ցուցափեղկին մէջ, որ պատրաստուած է Կառավարութեան կողմէ դրամաշնորհի ձեւով տրամադրուող նիւթական աջակցութեան շնորհիւ։
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի, «Արենի-1 քարայր» գիտահետազօտական հիմնադրամի, «Արմոս» կօշիկի ձեռնարկութեան, «Եունայթըտ Սթէյթս Օֆ Արմենիա» ազգային-հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան եւ այլ գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ։