«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 200.000 ԱՄՆ տոլար նուիրաբերած է Լիբանանհայութեան

2020-08-12
Image

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէեան, Վարդան Գրեգորեան, Ռուբէն Վարդանեան եւ «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ՝ Լորտ Արա Տարզին յայտարարած են, որ «Աւրորան» 200.000 ԱՄՆ տոլար կը նուիրաբերէ Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութի բնակիչներուն աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ #AraratChallenge շարժման միջոցով լրացուցիչ դրամահաւաք-հանգանակութիւն կը սկսի ուղղելու Պէյրութի հայ համայնքին:

«Մենք խորապէս կը ցաւինք Պէյրութ տեղի ունեցած ողբերգական պայթիւնի համար եւ կը միանանք Լիբանանին հրատապ օգնելու համաշխարհային ջանքերուն: Ինչպէս Լիբանանը կանգնեցաւ մեր կողքին Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ, այսօր մենք ենք Լիբանանի ողջ ժողովուրդին աջակից: Որպէս «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներ, մենք կոչ կ'ուղղենք մարդասիրական բոլոր կազմակերպութիւններուն ընելու հնարաւոր ամէն ինչ, Լիբանանին աջակցելու համար: Մենք կոչ կ'ուղղենք աշխարհի բոլոր հայերուն՝ սատարելու Լիբանանի ողջ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին»,- յայտարարած են «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրները եւ «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահը:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Կարմիր խաչի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի (NEF) միջոցով 100.000 ԱՄՆ տոլար մարդասիրական աջակցութիւն կը տրամադրէ պայթիւնի անմիջական հետեւանքները մեղմացնելու համար: Միեւնոյն ժամանակ «Աւրորայի» #AraratChallenge շարժումը 50.000 ԱՄՆ տոլար կը նուիրաբերէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ հայ համայնքի կարիքներուն համար: 2020-ի Օգոստոս 10-էն սկսեալ, առնուազն երկու ամիս #AraratChallenge  շարժումը կ'օգնէ նաեւ միաւորելու աշխարհի բոլոր հայերուն՝ կատարելով դրամահաւաք-հանգանակութիւն: Հաւաքուած միջոցները կ'ուղղուին Պէյրութի հայ համայնքի աջակցութեան: Կ'ակնկալուի, որ այս ջանքերը հնարաւորութիւն տան հանգանակելու եւս 50.000 ԱՄՆ տոլար՝ աջակցելու վերականգնման նախագիծերուն, որոնք կ'ընտրուին աւելի ուշ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սեւրի պայմանագրի նպատակն էր մասնատել Թուրքիան եւ վերջ դնել անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, սակայն թուրք ազգը «պատռած եւ պատմութեան աղբամանը նետած է զայն»։

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը այս յայտարարութեամբ՝ անուղղակի կերպով Հայաստանին մեղադրած է թշնամանք սերմանելու եւ «ստոր նպատակներ ունենալու մէջ», եւ այդ նպատակով Սեւրի պայմանգրի օգնութեան դիմելու մէջ։

Յայտարարութեան մէջ կրկնուած է նաեւ վերջին շրջանին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ անոնց կարգին նաեւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէն հնչեցուած այն կարծիքը, թէ Հայաստանը չի կրնար հոգալ իր սեփական ժողովուրդի առօրեայ պահանջները։

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը նաեւ անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդիրին, Հայաստանը մեղադրելով «Ատրպէյճանի տարածքները բռնազաւթելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման առջեւ միակ խոչընդոտը ըլլալու»ն։