Արբանեակային պատկերները կ'ապացուցեն ԼՂ-ի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ֆոսֆորի կիրառումը. DFRLab-ի անդրադարձը

2020-11-13
Image

Digital Forensic Research Lab ծաւալուն յօդուածով անդրադարձած է պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ուղղութեամբ արգիլուած ֆոսֆորային զինամթերքի կիրառման՝ նշելով, որ արբանեակային պատկերը ցոյց կու տայ ԼՂ-ի մէջ սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործման հետեւանքով շրջակայ միջավայրին հասցուած վնասը:


«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ մասնաւորապէս նշուած է, որ մարտական գործողութիւններու վերջին շաբթուայ ընթացքին բաց աղբիւրներու արբանեակային պատկերները ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անտառներու վրայ սպիտակ ֆոսֆորական զինամթերք օգտագործելու հետեւանքով առաջացած է շրջակայ միջավայրի աւերածութիւն:

Ըսուած է, որ նոյեմբերի սկիզբը «Թուիթըր»-ի եւ այլ ընկերային կայքեու մէջ յայտնուած էին տեսանիւթեր, որոնց մէջ կ'երեւայ ԼՂ-ի մէջ հայերու կողմէ վերահսկուող տարածքներու վրայ արգիլուած սպիտակ ֆոսֆորային զինամթերքի կիրառութիւն: Նշուած է, որ պատկերները նշանակալի ուշադրութեան չեն արժանացած միջազգային լրատուամիջոցներու կամ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ, սակայն «Transparency International Armenia»-ը հրապարկած է «Բնապահպանական ահազանգ»՝ դատապարտելով այդ զէնքի օգտագործումը: Յօդուածին մէջ մէջբերում կ'ըլլայ այդ հրապարակումէն. «Ատրպէյճանական ուժերու կողմէ սպիտակ ֆոսֆորի կիրառումը այդ անտառներուն մէջ ոչ միայն կը կործանէ արժէքաւոր բնապահպանական համակարգերն ու բնակավայրերը, ոչնչացման վտանգի տակ կը դնէ որոշ տեսակներ, այլ նաեւ տարիներ կ'աղտոտէ գետերն ու ստորգետնեայ ջուրերը՝ այդպիսով վերածուելով տարածաշրջանային մաշտապի մեծ սպառնալիքի տարածաշրջանին մէջ բնակող մարդոց եւ վայրի բնութեան համար»:

 

Սակայն նշուած է, որ Ատրպէյճանը կը հերքէ սա՝ մեղադրելով, թէ իբր հայկական կողմը կիրառած է ֆոսֆոր իրենց կողմէ վերահսկուող տարածքներու ուղղութեամբ: Սակայն յօդուածագիրը արդարացիօրէն նկատած է, որ այս պնդումը փաստող ոչ մէկ ապացոյց կայ բաց աղբիւրներուն մէջ: «Արբանեակային պատկերը, այնուամենայնիւ, կը հաստատէ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքի անտառային մեծ հատուածին մէջ հրդեհի հետեւանքով պատճառուած մեծ վնասը, միեւնոյն ժամանակ, յայտնուած են Ատրպէյճանի ֆոսֆորային զինամթերքի օգտագործման տեսանիւթերը: Անտառածածկ տարածքներու թիրախաւորումը ռազմավարութիւն է, որ երբեմն կ'օգտագործուի տարածքներէն մարտական գործողութիւնները դուրս մղելու կամ շրջակայ միջավայրին մեծ աւերածութիւն պատճառելու նպատակով»,-գրուած է Digital Forensic Research Lab-ի յօդուածին մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ որոշ տեսանիւթեր նկարահանուած են հայ զինուորներու կողմէ, որոնց մէջ կ'երեւայ, որ սպիտակ ֆոսֆորային զինամթերքը կ'իյնայ պաշտպանական դիրքերու վրայ: