Թուրքիոյ լեռներուն մէջ յայտնաբերուած ժայռապատկերներու մասին տուելաները գաղտնի կը պահուին

2021-07-02
Image

Թուրքիոյ լեռներուն մէջ առաջին անգամ յայտնաբերուած են մոլորակի որոշ այլ շրջաններուն բնորոշ եղջերու պատկերող ժայռապատկերային արուեստի նմուշներ: Գիտութեան համար արժէքաւոր գտածոն պահպանելու համար իշխանութիւններն ու գիտնականները որոշած են գաղտնի պահել անոր գտնուելու ճշգրիտ վայրը, գրած է Planet-today-ը՝ յղում ընելով Hurriyet Daily News-ին:

Թուրք հնագէտներու գտած ժայռապատկերները մօտ ութ հազար տարուան պատմութիւն ունեն, սակայն գտածոյի մասին մանրամասներ դեռ յայտնի չեն: Աւելին, գիտնականներն ու իշխանութիւնները փաստացի գաղտնի պահած են պատկերներու մասին տուեալները, որպէսզի «գանձեր որոնողները» զանոնք չգտնեն:

«Այն վայրը, ուր մենք յայտնաբերեցինք ժայռապատկերը, գաղտնի կը պահուի, որ անհրաժեշտ է արժէքաւոր նմուշի պահպանման համար», - ըսած է Էրզրումի Աթաթուրքի համալսարանի փրոֆեսոր Եավուզ Կիւնաշթին: Գիտնականը, սակայն, նշած է, որ պատկերները յայտնաբերուած են Թորթում նահանգի լեռնային քարանձաւներու պատերուն: Նախապէս Թուրքիոյ մէջ ժայռապատկերներ յայտնաբերուած են Էրզինճան, Արտահան եւ Կարս նահանգներուն մէջ:

Նոր գտածոն եզակի է Թուրքիոյ համար, քանի որ այն երկրին մէջ յայտնաբերուած եղջերուն պատկերող առաջին ժայռապատկերներն է: Հնագոյն նկարիչները մօտ ութ հազար տարի առաջ քարանձաւի պատերուն օխրայով (կաւաքար) կենդանիներ կը պատկերէին: Նկարչութեան գործադրութիւնը, ինչպէս ընդգծած է Կիւնաշթին, էապէս կը տարբերի այն գեղարուեստական գործադրութենէն, որով նկարուած են Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած այլ ժայռապատկերներ: